//Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողով

Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողով

Նոյեմբեր 20-22 2015-ին Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ եւ Հ.Յ.Դ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի համադրումով տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողով «Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը եւ Հայ Դատի վերանորոգ պահանջատիրութեան պայքարը» թեմայով:

Փարիզի եւ Արֆոլվիլի մէջ կայացած նիստերուն մասնակցեցան 8 երկիրներէ աւելի քան 70 ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ ընկ. Արմէն Ռուստամեան եւ ընկ. Մուրատ Փափազեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի պատասխանատու ընկ. Սարգիս Մկրտչեան,Հ.Յ.Դ.Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեան, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն ընկ. Հայկազուն Ալվրցեան եւ Հ.Յ.Դ. Ֆրանսայի Կերդրոնական Կոմիտէի ընկերներ:

Եռօրեայ դասախօսութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, Արցախի բանակցային գործընթացներու վերջին զարգացումները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը, Ցեղասպանութեան հատուցման եւ հողային պահանջատիրութեան հարցերը եւ անոնց վերաբերեալ Հ.Յ.Դ.-ի Հայ Դատի ռազմավարական սկզբունքները, քրտական հարցը,ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հայութեան խնդիրները:

Քննարկումներու եւ աշխատանոցներու ճամբով խորհրդաժողովը հասաւ հետեւեալ եզրակացութիւններուն.

1. Հայ երիտասարդութեան պատրաստուածութեան մակարդակը պահանջատիրութեան աշխատանքներուն առնչութեամբ կը մնայ անբաւարար: Այս մարտահրաւէրը յաղթահարելու համար, խորհրդաժողովը կը գտնէ, թէ անհրաժեշտ է ընդլայնելՀ.Յ.Դ. երիտասարդական միութիւններու շարքերը, ընդարձակել երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու աշխարհագրական տարածականութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել անոնց պատրաստուածութեան մակարդակը, մղելով երիտասարդները քաղաքականացած եւ մասնագիտական աշխատանքներու:

2. Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեան կեցուածքը հատուցման խնդրին եւ հողային պահանջատիրութեան նկատմամբ անփոփոխ է ու հետեւողական: Ուիլսընեան իրաւարար վճիռով պահանջուող տարածքները կը կազմեն հայ երիտասարդութեան պահանջատիրութեան առանցքը:

3. Հ.Յ.Դ. երիտասարդներու յաւելեալ քաղաքականացումը ուղղակիօրէն կը նպաստէ օտար երիտասարդութեան մօտ հայանպաստ կեցուածքներու զարգացման՝ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման, հայութեան իրաւունքներուն հատուցման եւ հողային պահանջատիրութեան հարցերուն առնչութեամբ: Միաժամանակ, խորհրդաժողովը կ’ընդգծէ տեղական եւ միջազգային քաղաքական կազմակերութիւններու հետ առկայ յարաբերութիւններու խորացման անհրաժեշտութիւնը:

4. Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը կը կարեւորէ պահանջատէր պոլսահայ երիտասարդութեան աշխատանքը: Խորհրդաժողովը կը գտնէ, թէ իրենց հայկական արմատներուն վերադարձող Արեւմտեան Հայաստանիեւ Թուրքիոյ հայութեան իրականութիւնը կը բանայ նոր մարտահրաւէրներ ու հորիզոններ, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նոր հնարաւորութիւններ:

5. Նկատի առնելով շրջանային զարգացումներու եւ Թուրքիոյ ներքին իրավիճակը, Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը հայ-քրտական յարաբերութիւններուն կը մօտենայ քաղաքական իրատեսութեամբ եւհայութեան իրաւունքներուն նկատմամբ իրաւատէրի կեցուածքով:

Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք, հատուցման եւ հողային պահանջատիրութիւնը կը թեւակոխէ նոր հանգրուան, որուն յաջողութեան համար անհրաժեշտ է պահանջատէր հայ երիտասարդութեան կողմէ գործնական պայքարի ծաւալում: Հ.Յ.Դ.երիտասարդական միութիւններու այս խորհրդաժողովի ընթացքին փոխանցուած գիտելիքները, քննարկումներն ու եզրակացութիւնները կը միտին յաւելեալ թափ տալու այս պայքարին:

Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու Խորհրդաժողով
Ալֆորվիլ, Ֆրանսա

22 Նոյեմբեր 2015 թ.

 

seminar12