//ՀՅԴ Նոր Սերունդը կը վերահաստատէ իր զօրակցութիւնը Նոր Զարթօնքին

ՀՅԴ Նոր Սերունդը կը վերահաստատէ իր զօրակցութիւնը Նոր Զարթօնքին

 

ՀՅԴ Նոր Սերունդը խստօրէն կը դատապարտէ «Արմէն Ճամբար»ի քանդումին առաջքը առնելու նպատակով՝ ճամբարի տարածքին հսկող Նոր Զարթօնք ընկերակցութեան անդամներուն դէմ յարձակում գործած խումբ մը թուրք ֆաշիստներու վայրագ արարքը:

Նոր Զարթօնքի երիտասարդները որոնք հարիւր օրէ ի վեր կը պաշտպանեն հայկական նախկին որբանոցը, Օգոստոսի 13-ի լոյս 14-ի գիշերը անակնկալի եկած են ութ թուրք ծայրայեղականներու կողմէ, որոնք ճամբարի տարածք մուտք գործելով ծեծի ենթարկած են անոնցմէ երկուքը:

Մինչ Թուրքիոյ մէջ կը տիրէ անապահովութիւնը, իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութիւնը կը փորձէ բռնութեան ճամբով ծածկել վերջին ընտրութիւններու հետեւանք իր տկարութիւնը, եւ մինչ այլեւս որեւէ կասկածի տեղիք չի տար իսլամական պետութեան հետ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը, Նոր Զարթօնքի երիտասարդները զոհ կը դառնան թուրք ցեղապաշտներու, որոնք կը միտին վայրագութեամբ  խեղդել  անոնց արդար պահանջատիրութիւնը:

ՀՅԴ Նոր Սերունդը կը վերահաստատէ իր զօրակցութիւնը՝ ճնշումներու դէմ դիմադրող Նոր Զարթօնքի անդամներուն, եւ կ’ընկերակցի անոնց՝ Արմէն Ճամբարը հայ համայնքին վերադրաձնելու յանձնառու եւ հաստատակամ պայքարին մէջ:

Միեւնոյն հաստատակամութեամբ է, որ հայ ժողովուրդը պիտի յաջողի վերատիրանալ իր ազգային գոյքերուն եւ կալուածներուն:

ՀՅԴ Նոր Սերունդը համոզուած է, որ արդարութեան տանող միակ ճամբան հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեանց առաւել ուժգնացումն է:

 

ՀՅԴ Նոր Սերունդ

15 Օգոստոս 2015